2013-06-18 12:16:51

Սուրիական Զինեալ Տագնապը Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանի Ակնոցով` Լիբանանը Սուրիական Տագնապին Վաճառագիրը Պիտի Վճառէ ։


Փախստականներու գծով ՄԱԿի գլխաւոր տեսուչի գերատեսչութիւնը յայտնած է որ սուրիացի փախստականներու թիւը արդէն գերազանցած է 511.000։ Այս տեղեկագրին ի լուր Վատիկանի երբեմնի արտգործ նախարար` Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան յայտարարած է որ ''Փախստական սուրիացիներու անվերջ ալիքին ի տես, Լիբանանը կարող է վճառել Սուրիոյ զինեալ տագնապին վաճառագիրը''։ Միջին Արեւելքի մեծ մասնագէտ կարտինալ Թոռանի գնահատումով ''Լիբանանը չի կրնար գոյութիւն ունենալ առանց քրիստոնեաներուն եւ այդ պատճառաւ անհրաժեշտ է անոնց պահպանումը այդ հողամասին վրայ։ Լիբանանի մէջ քրիստոնեաները երկխօսութեան ու համակեցութեան ժառանգութիւն մըն են - յայտնած է Վատիկանի դիւանագէտը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.